2016-12-01 10:11:00

Երկրաշարժի աղէտէն ետք` կը վերաբացուի Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի տաճարին դուռը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի. 4 դեկտեմբերին,  կը վերաբացուի Սրբուհի  Ռիթայի տաճարին դուռը։ 30 հոկտեմբերին, Իտալիոյ կեդրոնական շրջանը հարուածող ուժգին երկրաշարժի հետեւանքով, Սրբուհի Ռիթայի սրբավայրի Մայր տաճարը մեծ վնասներ կրած էր, այնուհետեւ, տաճարին դուռը փակ մնացած էր հաւատացեալներուն առջեւ։

Յառաջիկայ Կիրակի` 4 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի՝ ժամը 2,00-ին­, հանդիսաւոր արարողութեամբ տաճարին դրան բացումը կը կատարուի, հանդիսապետութեամբ տաճարին՝ տեսուչ Հայր Պերտարտինօ Փիչիարոլիի եւ մանասկցութեամբ Նորչիա -Սփոլեթօ թեմի արքեպիսկոպոս ՝Գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտոյի։

Վերաբացման արարողութեան ներկայ կը գտնուին քաղաքացիական ու կղերական աշխարհէն անձնաւորութիւններ։ 

Նոյն օրը, յետմիջօրէին ժամը 4,00, ին,  Սուրբ Պենետիկտոս  անուան հրապարակին վրայ,  Նորչիա թեմին եպիսկոպոսը կը մատուցէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որուն  ներկայ կը գտնուին խումբ մը  հրշէջներ, որոնք նոյն օրը կը նշեն հրշէջներուն պաշտպան սուրբ՝ Սրբուհի Պարպարայի տօնը։

՝՝Սրբուհի Ռիթայի տաճարին բացման արարողութիւնը, յոյսի եւ վստահութեան մեծ նշան պիտի հանդիսանայ ամբողջ տարածաշրջանին՝՝ ըսած է Նորչիա- Սփոլեթօ թեմին Եպիսկոպոսը` Գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտոյի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.